(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 17 դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Վատիկանի մէջ ընդունեց Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ` կարդինալ Անգճելօ Ամաթոն, անոր շնորհելով արտօնութիւնվ հրապարակելու Սուրբերու դատի ժողովին հայող՝ Երանելի Մայր Թերեզայի սրբադասման հրամանագիրն ու երեք Աստուծոյ ծառաներու մարտիրոսական առաքինութիւնները։
Մայր Թերեզա կը նկատուի աշխարհի ամենահեղինակաւոր կիներէն: Անոր կեանքն ու գործունէութիւնը մեծ հետք ձգած են մարդկութեան պատմութեան վրայ: «Արմատներով եւ արիւնով ալպանացի եմ: Քաղաքացիութեամբ՝ հնդիկ: Կաթողիկէ միանձնուհի եմ: Կոչումով՝ համայն աշխարհին կը պատկանիմ: Սրտով կը պատկանիմ Յիսուսի սրտին»:
Մայր Թերեզայի հիմնած միաբանութիւնը կը գործէ աւելի քան 120 երկրիներու մէջ, ներառեալ Հայաստանը` ուր միաբանութիւնը հաստատուեցաւ 1988-ի Մեծ երկրաշարժէն ետք։
Մայր Թերեզան ծնած է 26 օգոստոս 1910-ի եւ հոգին աւանդած է 5 սեպտեմբեր 1997-ին։
All the contents on this site are copyrighted ©. |